2013-03-01 10:18:59

''Պարզ Ուխատաւոր Մը` Հասած Իր Վերջին Հանգրուանին''։


28 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հրաժարականը ի զօրու դարձաւ եւ սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոսի աթոռի ''Թափուր'' ժամանակաշրջանը։
Վաստակաւոր Քահանայապետի վերջին օրը յատկանշուեցաւ հրաժեշտի յուզումնալից պահերով։ Պենետիկտոս ԺԶ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Կարդինալական դասին հետ շնորհակալութիւնը յայտնելով անոնց ու ''յարգանք եւ հնազանդութիւն՝՝ խոստանալով իր յաջորդին։Իսկ երեկոյեան ժամը 5-ին Սրբազան Հայրը ուղղաթիռով փոխադրուեցաւԳասդէլկանտոլֆոյի ամարանոց ուր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը դիմաւորեց զինք վերջին հրաժեշտի համար։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղած իր հակիրճ անպատրաստից խօսքին մէջ, ակնարկելով իր քահանայապետութեան վերջին օրուան ըսաւ. ''այսօրուընէ կը դառնամ պարզ ուխատաւոր մը հասած իր կեանքի վերջին հանգրուանին։ Սակայն կ՛ուզեմ բոլոր սրտովս, ամբողջ սիրովս, իմ աղօթքներովս, խորհրդածութեամբ, եւ ներքին բոլոր ուժերովս աշխատիլ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան հասարակաց բարիքին համար''։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Շնորհակալութիւն, գիշեր բարի։ Շնորհակալ եմ բոլորիդ։''
Ասոնք եղան խոնարհ ու վեհանձն քահանայապետի վերջին խօսքերը, 7 տարի 10 ամիս եւ 9 օր տեւող քահանայապետութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.